image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Եգիպտացի դերասանուհի Ամալ Ֆարիտ

Մահացած է Եգիպտացի դերասանուհի Ամալ Ֆարիտ

Եգիպտոսի մէջ 80 տարեկանին կեանքէ հեռացած է արուեստի աշխարհին մէջ մեծ վաստակ ունեցող դերասանուհի Ամալ Ֆարիտ:

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, դերասանուհին ծերանոցէն հիւանդանոց տեղափոխուելէն 48 ժամ անց հոգին աւանդած է:

Դերասանուհիին կտակին համաձայն, վերջինիս թաղման արարողութիւնը կատարուած է մահէն անմիջապէս ետք, իսկ տրամադրուող նուիրատուութիւնները ուղղուած են աղքատ ընտանիքներու օգնութեան:

Նշուած է, որ դերասանուհիին իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ հարց ուղղուած է, թէ ինչո՞ւ գլխաւոր դերեր չէ ստանձնած, ինչպէս իր սերունդի շատ դերասանուհիներ, իսկ ինք պատասխանած է, որ պատճառն այն է, որ մշտապէս մերժած է տեսախցիկին առջեւ տղամարդոց հետ մարմնական շփում ունենալ: