image

Գերմանիա ապաստանած սուրիացին հրեայի մը վրայ յարձակած է...

Գերմանիա ապաստանած սուրիացին հրեայի մը վրայ յարձակած է...

Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ 19-ամեայ սուրիացի գաղթականը յարձակած է հրեայ անցորդի մը վրայ եւ գօտիով հարուածներ հասցուցած վերջինիս:

Գերմանիոյ պաշտօնական լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, պատանին դատարանին մէջ ներողութիւն խնդրած է իր արարքին համար, յայտնելով, որ իր նպատակը ոչ թէ ծեծելն էր, այլ վախցնելը:

Աղբիւրին համաձայն, ծեծի ենթարկուող հրեան յաջողած էր դէպքը տեսագրել իր հեռախօսով ու տարածած ընկերային ցանցերու էջերուն, որուն յաջորդած էին Գերմանիոյ մէջ հրեայ փոքրամասնութեան աջակցութեան ցոյցերու կազմակերպում:

Մեղադրեալը դատարանին մէջ խոստովանած է, որ դէպքի պահուն թմրանիւթի ազդեցութեան տակ եղած է: