image
Հրատապ լուրեր:

Հետաքննութիւն ցեղասպանութիւնը ճանչցած ազգութեամբ քիւրտ պատգամաւորին դէմ

Հետաքննութիւն  ցեղասպանութիւնը   ճանչցած   ազգութեամբ քիւրտ   պատգամաւորին  դէմ

Անգարայի Հանրապետական դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է   Թուրքիոյ ընդդիմադիր քէմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ-CHP) պատգամաւոր ազգութեամբ քիւրտ Սեզկին Թանրըքուլուի դէմ՝ ամօթալի  նկար մը հրապարակելուն համար «Թուիթըր»ի («Twitter») վրայ։

 

Այդ լուսանկարի վրայ պատկերուած են «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) հետ կապեր ունենալու մէջ կասկածուող անձերու նկատմամբ թուրք ոստիկաններու կատարած նուաստացուցիչ գործողութիւնները: Ոստիկանութիւնը վերոնշեալ անձերը մերկացուցած եւ շղթայած է։

 

Բացի անկէ դատախազութիւնը  եւս հետաքննութիւն մը սկսած է Թանրըքուլուի մէկ այլ գրառման առընչութեամբ։ Ընդդիմադիր պատգամաւորը ժամանակին դէմ արտայայտուած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուցած «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութեան։ 

 

Դատախազութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարան, որպէսզի Թանրըքուլուն զրկեն պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն, որմէ ետք պատգամաւորը կրնայ ձերբակալուիլ։