image

Իրանցիներու Լիբանան մուտքի արտօնութեան հարցը տարակարծութեան թեմա

Իրանցիներու Լիբանան մուտքի արտօնութեան հարցը տարակարծութեան թեմա

Ամերիկեան «Washington Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կը պնդէ, թէ «Հըզպալլա» Պէյրութի օդակայանը վերածած է թմրամիջոցներու, զէնքի ու զինամթերքի ապօրինի փոխադրման կէտի:

Թերթին պնդումը պայմանաւորուած է անով, որ վերջերս Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան վարչութիւնը որոշում կայացուցած էր իրանցիներու Լիբանան մուտքի արտօնագիրները ոչ թէ անցագիրներուն, այլ առանձին թուղթի վրայ կնքել:
Ազգային անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Իպրահիմ Ապպաս մանրամասնած է որոշման դրդապատճառները, նշելով, որ իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի պահանջելու մուտքի արտօնագիրն իր անցագիրին մէջ չկնքել, երբ տուեալ երկիր կատարած այցը անձին համար խոչընդոտ կրնայ հանդիսանալ այլ երկիրներ այցելելու համար:

Ապպաս շեշտած է, որ իւրաքանչիւր իրանցիի մուտքն ու ելքը Լիբանան համակարգչային ծրագիրով կ'ամրագրուի:

Իր հերթին դիւանագիտական աղբիւրները կարծիք յայտնած են, որ խնդիրը արհեստականօրէն քաղաքականացուեցաւ, հակառակ անոր, որ այն սովորական երեւոյթ է եւ շարք մը երկիրներու կողմէ կը կիրառուի, միաժամանակ շեշտելով, որ ամերիկեան պատժամիջոցներէ իրանցիները զերծ պահելու վերաբերեալ տարածուած պատճառաբանութիւնները անհիմն են:

Միւս կողմէ Թեհրանի մօտ Լիբանանի դեսպանութիւնը յայտնած է, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը զգալիօրէն նուազած է, որովհետեւ վերջիններս Լիբանան մուտքի կնիքներ կրող իրենց անցագիրներով ԱՄՆ կամ Եւրոպա մուտք գործած ժամանակ հարցուփորձի կ'ենթարկուին ու խնդիրներ կ'ունենան: