Թրքական «KAFKASSAM» (Թուրքիոյ կովկասեան հետազօտութիւններու ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոն) կայքը անդրադարձած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՍՈւ-31 SM կործանիչի օդաչուի խցիկի մէջ կատարուած լուսանկարին:
Թրքական կեդրոնի կայքը, հրապարակելով Փաշինեանի լուսանկարը, զուգահեռ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի դժգոհութիւնը Փաշինեանի այցի վերաբերեալ:
«Փաշինեան 16 յունիսին այցելած էր Հայաստանի զինուած ուժերու կողմէ գրաւուած Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղ շրջան:
Ատրպէյճանը Փաշինեանի այցը անօրինական համարած է ու խստօրէն դատապարտած»,- գրած է կեդրոնի կայքը:
Յօդուածի մէջ նշուած է նաեւ, որ Փաշինեան նկարուած է Էրեբունիի «ռուս-հայկական համատեղ ռազմակայան»ի մէջ: