image

Թուրքիոյ խորհրդարանը մերժեց ասորերէն լեզուն դասաւանդելու մասին առաջարկը

Թուրքիոյ  խորհրդարանը մերժեց ասորերէն լեզուն  դասաւանդելու մասին առաջարկը

artigercek.com կայքը գրած է, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը մերժած է  դասաւանդման համար նախատեսուած լեզուներու ցանկին մէջ ասորերէնը ներառելու առաջարկը, որ ուղղուած էր երկրի մէջ ասորական համայնքի համար մայրենի լեզուով ուսումնական ծրագիր կազմելուն։

 

Առաջարկը խորհրդարան յղած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, Պաթմանէն ընտրուած պատգամաւոր Մէհմէտ Ալի Ասլան։ Պատգամաւորը իր պահանջը յղած է ասորերէնով, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին ասորերէն խորհրդարանական առաջարկը։
 

 

Ասլան իր գրաւոր առաջարկի մէջ շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը բնակին շուրջ 20.000-25.000 ասորի, եւ անոնց՝ Թուրքիոյ պետական լեզուն հանդիսացող թուրքերէնէն բացի մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալը այլեւս պարտադիր պահանջ է։
 

 

Յատկանշական է, որ Ասլանի գրաւոր առաջարկը խորհրդարան յղուած է ասորիներու ցեղասպանութեան հերթական տարելիցի օրերուն։

Նշենք, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը կրնայ մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալ համայնական յատուկ դպրոցներու մէջ։ Պոլսոյ մէջ գործող 16 հայկական վարժարաններէն 13-ը մասնաւոր են, 3-ն ալ կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւն:

 

Այս դպրոցներուն մէջ կրնան կրթութիւն ստանալ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով մկրտութեան թուղթ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն՝ երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն: Ըստ Լոզանի պայմանագիրի`կրօնական փոքրամասնութւն համարուելու շնորհիւ հայերը  իրենց մայրենին սորվելու իրաւունք ստացած են, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզներն ու լազերը:

Ասորիները Լոզանի պայմանագիրով նոյնպէս կը համարուին փոքրամասնութիւն, անոնց պատկանող համայնքային դպրոցները, սակայն, Թուրքիոյ մէջ փակուած են 1928 թուականէն ի վեր։