image

«Արաս»էն նոր հրատարակութիւն. Լոյս տեսած է Զապէլ Եսայեանի «Շնորհքով մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը

«Արաս»էն նոր հրատարակութիւն. Լոյս տեսած է Զապէլ Եսայեանի «Շնորհքով մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը

«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն եւ ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի. դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները: Եսայեանի անդրանիկ՝ «Սպասման Սրահին Մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով տպելէ ետք, «Արաս»ը այժմ այլ հատորով կը ներկայացնէ «Շնորհքով Մարդիկ» եւ «Հլուները Եւ Ըմբոստները» վէպերը:

Առաջինը՝ «Շնորհքով Մարդիկ»ը, տպուած է Պոլիս, 1907ին, «Սագայեան» տպարանէն՝ իբրեւ «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւն:

Վէպը կը պատմէ անցեալին ամիրայական վերնախաւին պատկանող պոլսեցի ընտանիքի մը մութին մնացած պատմութիւնը, անոր գաղտնիքները եւ կը բացայայտէ ներքին փտածութիւնը:  Սկիւտարի ու Բերայի մէջ ընթացող պատումը կը հիւսուի Յակոբի ու Զարուհիի շուրջ: Վէպին գլխաւոր կերպարները մարդիկ չեն միայն, այլ նաեւ Պոլսոյ գեղեցկութիւնները՝ Չամլըճան, Ոսկեղջիւրի ու Վոսփորի տեսարանները: «Շնորհքով Մարդիկ» վէպը տպագրուած է նաեւ Սովետական Հայաստանի մէջ, 1959ին:

Գիրքին մէջ տեղ գտած միւս վէպը կը կոչուի «Հլուները Եւ Ըմբոստները», որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորի մը մէջ: Համիտեան բռնապետութեան շրջանէն պոլսահայ իրականութենէն դրուագ մը պատկերող կիսաւարտ այս վէպը իբրեւ թերթօն նախ տպագրուած է 1906ին, Լեւոն Լարենցի խմբագրութեամբ Եգիպտոս հրատարակուող «Ազատ Բեմ» հանդէսին մէջ:

Զապէլ Եսայեան գործածած է Շահան ծածկանունը: Վէպէն ընդարձակ հատուած մը հետագային՝ Օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումի օրերուն, լոյս տեսած է նաեւ «Ձայն Հայրենեաց»ին մէջ, զոր Լեւոն Լարենց սկսած էր խմբագրելու Պոլսոյ մէջ:

Բացի այս վէպերէն, հատորի աւարտին զետեղուած է ֆրանսահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու Վէպեր» խորագրեալ վերջաբանը եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուին «Շնորհքով Մարդիկ» վէպի պոլսական ու սովետական հրատարակութիւններուն տարբերութիւնները:

Զապէլ Եսայեանի նոր հատորը, որուն կողքին վրայ տպուած է Կարապետ Եազմաճեանի մէկ գեղանկարը, հասցէագրուած է դպրոցական բարձր տարիքի պատանիներուն, ինչպէս նաեւ ընթերցող լայն շրջանակներու:

Զապէլ Եսայեան՝ Բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Խաչ վարժարանին մէջ: Տասնեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Այնտեղ ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն՝ փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927ին կ՛այցելէ Խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ «Պրոմէթէոս Ազատագրուած» հատորը:

1933ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը պաշտօնավարէ պետական համալսարանին մէջ՝ իբրեւ դասախօս, աւանդելով արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937ին կ՛աքսորուի՝ դառնալով Սթանիլեան բռնութիւններուն զոհը: Հետագային կը յայտարարուի, որ ան մահացած է 1943ին:

 

«ԱՐԱՍ»