image

Հալէպ. Ճեմարանը յանձնեց 2017-2018 տարեշրջանի Միջնակարգի շրջանաւարտ հունձքը

Հալէպ.  Ճեմարանը յանձնեց 2017-2018 տարեշրջանի Միջնակարգի շրջանաւարտ հունձքը

Շաբաթ, 16 յունիս 2018-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը յանձնեց միջնակարգի աւարտական կարգի՝ պրովէի շրջանաւարտներու հունձքը: Այս մասին կը գրէ «Գանձասար»ը:

Ներկայացուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, շրջնաւարտ սերունդի ներկայացուցիչները ուղերձներ արտասանած են՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ուսուցիչներուն, դաստիարակներուն, տնօրէնութեան եւ ծնողներուն, որոնք ամէն միջոցի դիմեցին՝ ճեմարանի յարկին տակ իրենց ուսումնական կեանքին հեզասահ ընթացքը ապահովելու։

Ճեմարանի զոյգ տնօրէններն ու պետական տնօրէնը ներկայացուցած են 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը, անդրադարձած վարժարանին եւ անոր աշակերտութեան ձեռբերումներուն, դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն, վեր առած են հայեցի կրթութեան կարեւորութիւնը, շնորհակալութեան խօսք ուղղած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին, թեմիս «Դպրոց» հիմնադրամին ու բոլոր բարերարներուն, որոնց համատեղ ջանքերով Ճեմարանը կանգուն մնացած է ու իր երդիքին տակ համախմբած հայ աշակերտները։

 
Տեղի ունեցած է առաջնակարգ աշակերտներու եւ հայ լեզուի ու գրականութեան մէջ գերազանց արդիւնք ապահովող աշակերտներու պարգեւատրումներ։