image

Իրան դէմ է Իրաքի մէջ Թուրքիոյ հարուածներուն

Իրան դէմ է Իրաքի  մէջ Թուրքիոյ  հարուածներուն

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուժի գլխաւոր շտապի պետի խօսնակ, զօրավար Ապուլֆազի Շիքարճին յայտարարած է, որ իրենք չեն աջակցիր Հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներու դէմ սկսած Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն։

 

Թեմայի շուրջ խօսնակի գրաւոր յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ չնայած Իրանը կ'աջակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, այնուամենայնիւ, չ'ողջուներ պետութեան մը կողմէ մէկ այլ ինքնիշխան պետութեան տարածք մտնելը, եթէ չկայ համապատասխան թոյլտուութիւն։ Եթէ առանց համապատասխան թոյլտուութեան նման բան  տեղի կ'ունենայ, ապա Իրանը այդ կը նկատէ որպէս «անօրինական գործողութիւն»։

 

«Մենք երբեք չենք աջակցիր այն հակաահաբեկչական գործողութիւններուն, որոնց ընթացքին կը խախտուի ուրիշ երկրի ինքնիշխանութիւնը»,- եզրափակած է  պաշտօնեան։