image

Թուրքիոյ ընտրութիւններ. էրտողան հաւաք կայացուց Պոլսոյ մէջ

Թուրքիոյ  ընտրութիւններ. էրտողան   հաւաք    կայացուց Պոլսոյ մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կիրակի նախընտրական հանրահաւաք կատարած է Պոլսոյ մէջ, որուն ներկայ  եղած են տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ:

France Presse գործակալութիւնը նշած է, թէ հանրահաւաքը կատարուած է յաջորդ հանգստեան օրերուն կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ: Էրտողանը ու անոր ղեկավարած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը, որ ան հիմնած է 2001 թուականին, կը ձգտին երկրորդ ժամէտով իշխանութիւնը իրենց ձեռքը պահել խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններէն ետք:

 

Հանրահաւաքի աւարտին Էրտողանը նշած է, որ Պոլսոյ մէջ «այլեւս ընելիք չունի, Պոլիսը արդէն կայացուցած է իր որոշումը»: Հաւաքին ներկաները «այո» վանկարկումներով արձագանգած են գործող նախագահի ելոյթին:

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները Թուրքիոյ մէջ պիտի կայանայ 24 յունիսին: