image

Հալէպցի ծնողներու Երեւան ապրող եռեակ զաւակները տօնեցին իրենց ծննդեան 8-րդ տարեդարձը (Լուսանկարներ)

Հալէպցի ծնողներու Երեւան ապրող եռեակ զաւակները տօնեցին իրենց ծննդեան 8-րդ տարեդարձը (Լուսանկարներ)

Երեւանի «Madagascar» խաղասրահէն ներս 13 յունիսին, նշուած է սուրիահայ եռեակի՝ Գառնի Գոհարի, Սելլա Սօսիի եւ Մարիանայի ծննդեան տարեդարձը: Լրացած էր Սուրիայէն ընտանիքի հետ Հայաստան տեղափոխուած փոքրիկներուն 8-ամեակը: Այս մասին «Արեւելք»ին կը տեղեկացնէ եռեակի մեծ մայրը:

Եռեակ աղջիկները ծնած են Սուրիոյ պատերազմի սկիզբը 2010-ին, իրենց ծնողքին հետ Հայաստան տեղափոխուած են օգոստոս 2014-ին, երբ տագնապը հասած էր հայկական Նոր Գիւղ շրջանը եւ իրենց տունը եւս դարձած էր ռմբակոծութեան եւ դիպուկահարի թիրախ:

4 տարեկանին Երեւան տեղափոխուած փոքրիկ քոյրերը այսօր կը յաճախեն Վիքթոր Համբարձումեան անուան վարժարանը: