image
Հրատապ լուրեր:

Քանտիլի հարցով Թուրքիա-Իրաք բանակցութիւններ

Քանտիլի հարցով Թուրքիա-Իրաք բանակցութիւններ

Sputnik-ի թրքական ծառայութիւնը գրած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Չաւուշողլու յայտարարած է, որ երկիրը կը բանակցի Իրանի հետ Իրաքեան Քանտիլի մէջ Քիւրտ զինեալներու դէմ համատեղ լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւն ձեռնարկելու համար:

 

«Մենք պէտք է մեր սահմաններէն այն կողմ առկայ վտանգը չէզոքացնենք, մենք պիտի մաքրենք այդ ահաբեկիչները Իրաքի մէջ, պիտի մաքրենք՝ ուր ալ ըլլան։ Այս գործը դեռ ցամաքային փուլ ալ ունի, դիւանագիտական դաշտի վրայ կատարուելիք քայլեր կան։ Իրանի հետ կը բանակցինք։ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն» խմբաւորումը անոնց համար ալ վտանգ է»,- ըսած է Չաւուշողլու։