image

Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը» գիրքի շնորհահանդէս Երեւանի մէջ՝ հեղինակի մասնակցութեամբ

Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը» գիրքի շնորհահանդէս Երեւանի մէջ՝ հեղինակի մասնակցութեամբ

19 Յունիսին, ժամը 11:00-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ թուրք յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» աշխատութեան հայերէն թարգմանուած գիրքի շնորհանդէսը: Շնորհանդէսին պիտի մասնակցի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հրաւէրով այս օրերուն Երեւան գտնուող հեղինակը:

 

Շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ (հասցէ՝ Գիւլբենկեան 38, 5-րդ յարկ), մուտքը ազատ է: Թաներ Աքչամ ելոյթ պիտի ունենայ թրքերէն, անոր խօսքը եւ հարցուպատասխանը պիտի թարգմանուի հայերէն:


Յիշեցնենք, որ 2016 թուականին Երեւանին մէջ տպագրուած յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի ներկայացուող գիրքը բաղկացած է երեք բաժինէ:

Առաջին բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով անաչառ կերպով զբաղուելու անհնարինութեան, այդ գործին մէջ իր կրած դժուարութիւններուն եւ պետութեան կողմէ իրեն դէմ կազմակերպուած հալածանքներուն մասին:

Երկրորդ բաժինին մէջ կը ներկայացուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ սպայ Սարգիս Թորոսեանի յուշերու թրքերէն հրատարակութեան շուրջ ծաւալած խտրական ու կողմնակալ քննարկումներու պատմութիւնը, որու ընթացքին Թ. Աքչամի նկատմամբ դարձեալ սկիզբ կ՛առնէ զրպարտութիւններու, անհիմն մեղադրանքներու եւ հալածանքներու մեծ արշաւ մը:

Երրորդ բաժինին մէջ հեղինակը հարուստ փաստական հենքի վրայ կը ներկայացնէ հայերու բռնի իսլամացման եւ ուծացման քաղաքականութիւնը 1915-1918 թուականներուն: Աքչամ պատմութեան քիչ յայտնի այս երեւոյթները կը գնահատէ որպէս Հայոց  ցեղասպանութեան կառուցուածքային տարրեր:

Գիրքը թարգմանուած եւ հրատարակութեան պատրաստուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Թարգմանիչն է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը, իսկ պատասխանատու խմբագիրը` հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանը:

Գիրքը թարգմանուած եւ տպագրուած է «Ժիրայր Նշանեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ` ի յիշատակ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներուն:

Գիրքի թարգմանութեան եւ հրատարակութեան գաղափարը իրականացուած է Գերաշնորհ Տէր Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանի ջանքերով։

 

Akunq.net