image

Երուսաղէմ. Օծում Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ

Երուսաղէմ. Օծում Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ

Կիրակի, 10 Յունիս, 2018-ին, Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռամբ օծուած է Նոր Երուսաղումի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: 

Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի Գահակալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ՝ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, Ժառանգաւոր սաներ, եւ սաղիմահայեր մեկնած են Նոր Երուսաղէմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:

Պատրիարք Սրբազան Հօր, Լուսարարապետ՝ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի եւ առընթերակայ հայր սուրբերու՝ Տ. Գէորգ Աբղ. Հայրապետեանի և Տ. Ներսեհ Աբղ. Ալոյեանի զգեստաւորուելէն ետք, պահպանելով անցեալի սովորութիւնը՝ եկեղեցւոյ դրան առջեւ կատարուած է Դռնբացէքի արարողութիւն, ապա «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ Միաբանութիւնն ու ժողովուրդը մուտք գործած են եկեղեցիէն ներս: Ապա ձեռամբ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր, օծուած են եկեղեցւոյ նորահաստատ խորանը եւ բոլոր պատերը: Օծման արարողութենէն ետք մատուցուած է Սուրբ Պատարագ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռամբ օծուած 5-րդ եկեղեցին է: 
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին 1950-ական թուականներուն Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ յատկածուած է Արեւմտեան Երուսաղէմի փոքրաթիւ հայ գաղութի գործածութեան: Մօտ երկու տարիներ առաջ հաւատացեալ հայորդի մը փափաք յայտնած էր ձեռնարկել այս եկեղեցւոյ ամբողջական նորոգութեան: Սակայն պայմաններու բերումով երբ ան չկրցաւ իրագործել իր այդ խոստումը, Վանքը յանձն առած էր եկեղեցւոյ վերաորոգումը: