image

Լիբանան. Նորածին երեխան նետուած էր մզկիթի դրան մօտ

Լիբանան. Նորածին երեխան նետուած էր մզկիթի դրան մօտ

Երէկ, չորեքշաբթի օրուան լուսաբացին, Լիբանանի Աքքար շրջանի մզկիթներէն մէկուն դրան մօտ նորածին երեխայ յայտնաբերուած է:

Երեխային լուսանկարը հրապարակած «Ալ ժումհուրիա» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, «Մ. Տ.» անունով քաղաքացի մը իր բնակարանը տեղափոխելով ստանձնած է երեխային խնամքը, մինչեւ իրաւասու մարմիններու կողմէ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկուին նորածինին ճակատագիրը որոշելու ուղղութեամբ: