image
Հրատապ լուրեր:

Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով մեղադրեալներ ազատ արձակուած են

Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով մեղադրեալներ  ազատ  արձակուած են

Պոլսոյ առանձնակի ծանր յանցագործութիւններու թիւ 14 դատարանը ազատ արձակման որոշում կայացուցած է պոլսահայ լրագրող եւ մտաւորական, Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի հիմնադիր ու նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կալանքի տակ գտնուող երկու ամբաստանեալի վերաբերեալ։

«Ակօս»-ը փոխանցած է, թէ ոստիկանութեան նախկին պաշտօնեաներ Օզքան Մումճու եւ Եաքուպ Քուրթարան ազատ արձակուած են՝ երկրէն դուրս չգալու պայմանով եւ պարտաւորուած են մասնակցիլ գործով յետագայ հարցաքննութիւններուն ու դատական նիստերուն։

Ազատ արձակուած նախկին ոստիկաններէն մէկը տինքի սպանութեան ծրագրման ու իրագործման շրջանին աշխատած է Թուրքիոյ Սամսունի ոստիկանութեան գլխաւոր շտապի մէջ, միւսը՝ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզական բաժնի մէջ։

Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալներու թիւը 85 է։