image

Լիբանանի մէջ աշակերտուհիներու նկատմամբ սեռական ոտնձգութիւններու մէջ մեղադրուող ուսուցիչ ձերբակալուած է

Լիբանանի մէջ աշակերտուհիներու նկատմամբ սեռական ոտնձգութիւններու մէջ մեղադրուող ուսուցիչ ձերբակալուած է

«Ալ Մուսթաքպալ» թերթը յայտնած է, որ լիբանանեան դպրոցներէն մէկուն մէջ ազգագրական արուեստներ դասաւանդող ուսուցիչ մը սեռական յարաբերութիւն ունեցած է խումբ մը անչափահաս աղջիկներու հետ:

Թերթին փոխանցմամբ, սեռական ոտնձգութիւններ կատարելու մէջ մեղադրուող ուսոցիչը հարցաքննութեան ժամանակ պատմած է, որ ինք երկու անգամ անյաջող ամուսնութիւն ունեցած է, առաջին կինը զինք քանի մը անգամ դաւաճանած է, իսկ երկրորդին հետ ինք չէ կրցած սեռական յարաբերութիւն ունենալ:

Հոգեկան ճնշումներու ենթարկուած ուսուցիչը դիմած է իր աշակերտուհիները խաբելով անոնց հետ յարաբերութիւններ մշակելու քայլին: Ան նախ կը սկսէր սիրային խօսքեր շռայլելով, այնուհետեւ ամուսնութեան խոստումներ կու տար եւ զիրենք իր բնակարանը կը հրաւիրէր:

Աղբիւրին համաձայն, ուսուցիչի զոհերէն միայն երկուքը բողոքած են վերջինիս դէմ ու պատմած տեղի ունեցածները, մինչդեռ ուրիշներ խայտառակութենէ խուսափելով նախընտրած են չբարձրաձայնել իրենց խնդիրը:

Ուսուցիչը իր դէմ բողոքող աղջիկներէն մէկուն ցուցմունքները հերքած է, մինչդեռ խոստովանած է միւսին հետ սեռական յարաբերութիւն ունեցած ըլլալու փաստը, նշելով, որ իրենց ամուսնութիւնը աղջկան ծնողներուն կողմէ խանգարուած է:

Ուսուցիչին դէմ խաբեբայութեան մեղադրանքով քրէական գործ յարուցուած է, որ ուղարկուած է քրէական դատարան, դատավճիռ կայացնելու համար: