image
Հրատապ լուրեր:

Ես դիւանագէտ դարձայ ԱՍԱԼԱ-ի պատճառով. Չաւուշողլուի «խոստովանութիւն»ը

Ես  դիւանագէտ  դարձայ  ԱՍԱԼԱ-ի  պատճառով. Չաւուշողլուի «խոստովանութիւն»ը

Թրքական «Ենի Շաֆագ» պարբերականը գրած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշողլուն, Անթալիայի մէջ, նեղ մասնագիտական աւագ դպրոցներէն մէկու բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է, որ մանկութենէն կ'երազէր դիւանագէտ դառնալ եւ այդ որոշումը կայացած է հայկական ԱՍԱԼԱ-ի գործողութիւններէն ազդուած։

«Դպրոցական տարիներուն կը փափաքէի դիւանագէտ դառնալ, սակայն այդ ուղղութեամբ յատուկ մասնագիտական դպրոց չկար: Այդ տարիներուն ԱՍԱԼԱ-ն կը սպաննէր մեր դիւանագէտները։ Ի հեճուկս անոնց ու անոնց դէմ պայքարելու համար կը փափաքէի դիւանագէտ դառնալ»,- ըսած է Չաւուշողլուն։


Նախարարը կարևորելով նման կրթական հաստատութիւններու դերը Թուրքիոյ մէջ՝ շեշտած է, որ այժմ երեխաները կրնան ազատ ընտրել իրենց մասնագիտական ուղղութիւնն ու համապատասխան մասնագիտական գիտելիքներ ստանալ արդէն աւագ դպրոցի մէջ։ 


ԱՍԱԼԱ-ն՝ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը, հայկական ռազմաքաղաքական գաղտնի կազմակերպութիւն է, որ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է 1975-1997 թուականներուն։