image

Աննա Յակոբեանը բարեգործական նոր հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ

Աննա Յակոբեանը բարեգործական նոր հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ

ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի հրաւէրով, 22 մայիսին, տեղի ունեցած է մանկական ուռուցքաբանութեան եւ արիւնաբանութեան ոլորտի բարեգործական հիմնադրամներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ երկրորդ հանդիպումը: Հանդիպման մասնակիցները փարատած են նախորդ հանդիպման առիթ հանդիսացած մտահոգութիւնները, թէ երկրին մէջ քաղաքական իրավիճակի փոփոխութիւնը կրնար խաթարել այս չափազանց շատ կարեւոր ոլորտի բնականոն գործունէութիւնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն:

Ներկաները ուրախութեամբ յայտնած են, որ նախորդ հանդիպման արդիւնքներով տարածուած յայտարարութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է, եւ նուիրատւութիւններու հոսքը՝ մանկական ուռուցքաբանութեան եւ արիւնաբանութեան ոլորտի բարեգործական հիմնադրամներ՝ էականօրէն աճած է: Ներկաները վերահաստատած են պատրաստակամութիւնը՝ համախմբելու բոլոր ուժերը եւ հնարաւորութիւնները քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու բուժումը բնականոն շարունակելու համար:

Այս նպատակով կը նախատեսուի բարեգործական հիմնադրամներու եւ ոլորտի մասնագէտներու մասնակցութեամբ ստեղծել խոշոր հիմնադրամ, որ պիտի համակարգէ աշխատանքները եւ հանդէս գայ խնդիրով մտահոգ բոլոր մասնագէտներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու անունով: Այս առումով՝ առաջարկ եղած է Աննա Յակոբեանին՝ ներգրաւուելու հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ:

Տիկին Աննա Յակոբեան սիրով տուած է իր համաձայնութիւնը եւ համոզում յայտնած, որ հիմնադրամը բաց պիտի ըլլայ բոլոր շահագրգռուած կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան համար եւ պիտի գործէ բացառապէս թափանցիկ եւ համակարգուած:

Այսօրուան աշխատանքային խումբին հանդիպումը եղած է ընդլայնուած, որուն մասնակցած են մանկական ուռուցքաբան, արիւնաբան Սամուէլ Դանիէլեանը, ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետ Կարինէ Սարիբեկեանը, «Օգնեմ» հիմնադրամի նախագահ Էդգար Կէանճումեանը, «Ֆոնտ100» հիմնադրամի նախագահ Տիգրան Բալոյեանը եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Լուսինէ Բադալեանը, «Մենք ենք» հիմնադրամի նախագահ Սոնա Ազարեանը, «Սիթի օֆ Սմայլ» հիմնադրամի տնօրէն Լիլիթ Սարգսեանը, մանկական արիւնաբան Մարինէ Քամալեանը եւ մանկական ուռուցքաբան, արիւնաբան Գէորգ Թամամեանը: