image

Last Wish Սուրիահայերու նուիրուած ֆիլմը մրցանակ ստացած է

Last Wish Սուրիահայերու  նուիրուած ֆիլմը մրցանակ ստացած է

ՏԱՍՍ գործակալութիւնը գրած է, թէ Սեւաստոպոլի մէջ կայացած է «Победили вместе» («Յաղթել ենք միասին») վաւերագրական ֆիլմերու ու հաղորդումներու 14-րդ միջազգային փառատօնի փակման արարողութիւնը:  

 

«Լաւագոյն լիամեթրաժ ֆիլմ» հռչակուած է Արմէն Խաչատրեանի «Վերջին ցանկութիւն»-ը (Հայաստան)։

 

Ֆիլմը Սուրիայէն քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Հայաստան փախած սուրիահայերու մասին է: Ֆիլմին մէջ նկարագրուած է անոնց հոգեբանական վիճակը, այնտեղ մնացած հարազատներու ու աւերուած տուներու հանդէպ կարօտը, ինչպէս նաեւ՝ նոր երկրի մէջ նոր կեանք սկսելու անոնց փորձերը։

 


Նշուած է, որ այս տարի փառատօնին ներկայացուած է աւելի քան 100 վաւերագրական ֆիլմ աշխարհի 30 երկիրներէն, ինչպէս՝ Մեծ Բրիտանիայէն, ԱՄՆ-էն ու Գերմանիայէն։ Մրցութային ծրագրէն բացի՝ փառատօնին ներկայացուած է նաեւ արտամրցութային մեծ ծրագիր, որ ներառած է ֆիլմերու ցուցադրութիւն, ստեղծագործական երեկոներ, այլ միջոցառումներ։