image

Կիպրոսի պատուիրակութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Կիպրոսի պատուիրակութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Կիպրոսի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 22 մայիսին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

ՀՀ ազգային ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ Կիպրոսի ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ դրին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակի մօտ:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Գէորգ Վարդանեան  ներկայացուց յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը եւ յուշակոթողի խորհրդանշական իմաստը:

Կիպրոսի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիսը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ եւ ողջ աշխարհի կողմէ, ինչպէս եւ իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան ճանաչումը պատմական նշանակութիւն ունի` ապագային նման դէպքերէն խուսափելու համար:

«Սա է հայերու պայքարը: Մենք միշտ հայերու կողքին պիտի ըլլանք ոչ միայն որպէս բարեկամներ եւ եղբայրներ, այլեւ որպէս պետութիւն: Ատիկա պարտաւորութիւն մըն է ոչ միայն հայերու նկատմամբ, այլ ողջ մարդկութեան, որպէսզի երբեք ցեղասպանութիւններ չկրկնուին»,- ըսած է Սիլուրիս:

Կիպրոսի ներկայացուցիչները շրջայց կատարեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացան Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն: Վերջաւորութեան պատուիրակութեան անունէն գրառում կատարուեցաւ.

«Մենք կրկին տեսանք հայ ժողովուրդի տառապանքները բարբարոսութեան եւ ատելութեան մէջ. Մենք կ՛ըսենք` այլեւս երբեք»:

Կիպրոսը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ու դատապարտած առաջին պետութիւններէն է: Ան բանաձեւեր ունի 1975, 1982, 1990 թուականներուն, ինչպէս նաեւ այն առաջին պետութիւնն է, որը բարձրացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլէային: Կիպրոսը ունի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք` ընդունուած 2 ապրիլ 2015-ին: