image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Արեգ» պարախումբի ելոյթը

Պէյրութ. Մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Արեգ» պարախումբի ելոյթը

Սարդարապատի յաղթանակներու հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ, միութեան «Արեգ» պարախումբը բեմ կը բարձրանայ ներկայացնելու իր հերթական տարեկան ելոյթը` «Յաղթանակ» խորագրին տակ: Շուրջ մէկուկէս ժամ շարունակ, լիբանանահայ պատանիները եւ երիտասարդները բեմին վրայ ներկայացուցին իրենց տաղանդը եւ տարուան ընթացքին իրենց սորված պարային կարողութիւնները, պարուսոյց Շահէ Տեմիրճեանի ցուցմունքներով:

Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան Նապիլ Քահալէի անուան նորակառոյց սրահին մէջ, երէկ առաւօտեան ու երեկոյեան տեղի ունեցան ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբի երկու ելոյթներ` առաջինը աշակերտական: 

Միութեան ատենապետուհի Անի Եփրեմեանի բացման խօսքէն ետք, որուն մէջ ան խօսեցաւ յաղթանակներու ամսուան մասին եւ նշեց, թէ Նոր Սերունդի անդամները ամիսներու ընթացքին ջանք չեն խնայած իրենց լաւագոյնը ներկայացնելու հանրութեան, բեմ բարձրացաւ ամբողջ խումբը` իր տարիքային բաժանմունքներով եւ ներկայացուց բացման պարը: Այս պարին յատկութիւններէն մէկն էր բեմին վրայ կազմուած բուրգը, որուն կազմութեան մէջ դեր ունէին աղջիկները եւս` հաճելի անակնկալով մը: Բացման պարը գունաւոր մուտք մըն էր գեղեցիկ ելոյթին, ուր մեծեր եւ փոքրեր միասնաբար հայկական ազգագրական պարով ցոյց տուին, թէ հայ մշակոյթի հանդէպ սէրը տակաւին վառ է մերօրեայ պատանիի ու երիտասարդի սրտին մէջ:

Միջակ պարողներու խումբերը կատարեցին «Սասնայ Պար» եւ «Հայաստան» պարերը, ուր պատանիները բացայայտեցին իրենց առաջին քայլերը բեմին վրայ, հայկական մշակոյթին աւելի մօտէն ծանօթանալու իրենց ձգտումը եւ աշխատանքը: Յատկանշականը այն էր, որ տղաները եւս զերծ չէին մնացած պարախումբէն, ինչ որ այս օրերուն կը համարուի գլխաւոր մտահոգութիւն մը:

Մեծ աղջիկները հիանալի կատարեցին «Էրզրումի Շորոր» պարը, որուն մէջ անոնք ցոյց տուին հայ պարող աղջկան հեզաճկուն շարժումները: Աղջիկներու դէմքի արտայայտութիւնները անբաժան մասնիկն էին այս պարէն եւ ներկայացումին տուին յաւելեալ գոյն եւ գեղեցկութիւն:

Թէեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան գլխաւոր նպատակն է հայկականութիւնը եւ հայ մշակոյթը վառ պահել երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, այնուամենայնիւ ոչ-հայկական պարեր սորվիլն ու ներկայացնելը մաս կը կազմէ պարային այս վարժարանի ընդհանուր առաքելութեան, որպէսզի պատանիներն ու երիտասարդները հնարաւորութիւն ունենան ծանօթանալու տարբեր մշակոյթներու: Առ այդ, լիբանանեան տապքէն բեմ բարձրացաւ մեծ պարողներուն կատարողութեամբ, որոնց պարը դիտողը դժուար թէ գուշակէր, թէ պարողները հայ են կամ արաբ: Ի դէպ, տապքէն միակ արաբական պարը չէր: Մեծ աղջիկներու կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ գեղեցիկ եւ լաւապէս ծրագրուած արաբական պար մը, որուն մէջ յատկանշական էր մասնաւորաբար տարազը, յաւելեալ փայլք տալով պարին եւ կատարումին: Սպիտակով ոսկեգոյն հագած աղջիկներու շարժումները հանդիսատեսը փոխադրեցին արաբական պատմութիւններուն մէջ առկայ երազային վայրերը:

Պարախումբի ելոյթ մը ամբողջական չþըլլար առանց փոքրերու, որոնք կը համարուին բեմին գոյնը եւ ոգին: Պարուսոյց Սարին Արթինեանի ցուցմունքներով փոքրերը ներկայացուցին «Հայաստան Ջան» եւ «Ուր Ես Ջանս» պարերը, արժանանալով իրենց ծնողներուն, աշակերտներուն եւ հանդիսատեսներուն ջերմ գնահատանքին: Վերջապէս, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան առաքելութիւնն է մշակոյթը շատ կանուխ ծանօթացնել հայ երեխային, որպէսզի ապագային ունենանք տիպար հայեր:

Հայկական եռագոյնը բեմին վրայ ծածանեցաւ ՙՀայաստան՚ պարին ընթացքին, ուր պարողները իրենց հագուստներուն վրայ կը կրէին նաեւ հայկական դրօշի գոյները: Ի դէպ, բեմին վրայ տեղադրուած էր Սարդարապատի յուշահամալիրը ներկայացնող կրկնօրինակ մը, ուրկէ յաւելեալ հայկականութիւն կը բուրէր:

«Արեգ» պարախումբի մեծ աղջիկներէն երեքը հիանալի կատարեցին ՙԿիլիկիա՚ պարը, որուն ընթացքին հանդիսատեսը ուշի ուշով հետեւեցաւ անոնց ամէն շարժումին: Պարախումբի ելոյթ մը նաեւ ամբողջական չի կրնար ըլլալ առանց հայկական աւանդական Քոչարիին: Այս վստահուած էր մեծ տղոց, որոնք ուժի եւ յաղթանակի տպաւորութիւնը ձգեցին իրենց ուժեղ շարժումներով:

Ոչ-հայկական պարերու շարքին էին սպանականը, որ ունէր յատկանշական տարազ եւ զուտ սպանական ոճի շարժումներ: Իսկ ՙՊուպրիկներ՚ պարը արդիական երաժշտութեամբ էր` մասնակցութեամբ մեծ եւ միջակ աղջիկներու: Այս անգամ շարժումները կտրուկ էին, ճիշդ ինչպէս պուպրիկ մը:

Ելոյթի ամբողջ ընթացքին, պարերուն համահունչ լուսանկարներ եւ պատկերներ ներկայացուեցան բեմի մեծ պաստառին վրայ, իսկ կարգ մը պարերու ընկերակցեցան երգերուն բառերն ու անոնց անգլերէն թարգմանութիւնները` ոչ-հայ հանդիսատեսին համար:

Աւարտին, «Արեգ» պարախումբի բոլոր անդամները բեմ բարձրացան եւ խրոխտ շարժումներով պարեցին Սարդարապատի յաղթանակին նուիրուած յատուկ պար մը, որ կþարտացոլէր հայու գոյատեւման, յաղթանակի եւ յառաջընթացի ոգին:

Նոյն այդ ոգիով «Արեգ»ի պատանիներն ու երիտասարդները ցոյց տուին, որ ամբողջովին կառչած կը մնան իրենց մշակոյթին, յանձնառու են հայկականութեան եւ տարուէ տարի յաւելեալ աշխատանքով կը բարելաւեն իրենց կատարումները` ի շահ հայկական մշակոյթին եւ հայութեան գոյատեւման պայքարին: