image

Որբահաւաքի հերոսը. Միջոցառում նուիրուած վերապատուելի Յովհաննէս Էսքիճեանի յիշատակին

Որբահաւաքի հերոսը. Միջոցառում նուիրուած վերապատուելի Յովհաննէս Էսքիճեանի յիշատակին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ պիտի բեմականացուի «Հայասա» թատերախմբի «Փրկութեան հրեշտակը» ներկայացումը:

Այս պատմական բեմականացումը կ'արտացոլէ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ վերապատուելի Յովհաննէս Էսքիճեանի եւ անոր կողմէ փրկուած բազմաթիւ հայ որբուկներու պատմութիւնը:

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ 23 մայիսին, ժամը 15:00-ին եւ 19:00-ին, եւ 24 մայիսին, ժամը 19:00-ին, Հայ Աւետարանչական կեդրոնէն ներս (հասցէ՝ Բաղրամյան 18): Նախատեսուած է 16 տարեկանէն բարձր անձանց համար: Մուտքը՝ հրաւիրատոմսերով:  

Նշենք, որ ներկայացումը նուիրուած է ԱՀԱԸ 100-ամեակին, Սուրբ Յարութեան տօնին եւ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին:

 



Ներկայացման թեման վերապատուելի Յովհաննէս Էսքիճեանի կեանքն ու սխրագործութիւնն է: Ան Հալէպի Հայ Աւետարանական «Էմմանուէլ» եկեղեցւոյ հովիւն էր, որ դարձաւ «փրկութեան հրեշտակ»՝ Եղեռնէն մազապուրծ եղած բազմաթիւ հայ մանուկներու համար: Վեր. Էսքիճեանը, Կարլըքի եւ Հալէպի երկաթագիծի կայարաններէն, մէկ երեխայի դիմաց մէկ ոսկի վճարելով, հայ որբուկներ կը գնէր եւ վերարկուի տակ պահած` իր տուն կը տանէր, ապա տարբեր թաքստոցներու մէջ ապաստան կը գտնէր անոնց համար:

«Մենք պարտաւոր ենք ընել այն, ինչ կրնանք` բոլոր հնարաւոր ճանապարհներով փրկելու եւս մէկ հայի կեանք»,- կ'ըսէր Էսքիճեանը:

Ան այդ կ'ընէր կեանքի գինով, ամէն վայրկեան մահուան վտանգը զգալով: Մէկ կողմէն թրքական կառավարութեան սպառնալիքներն էին, միւս կողմէն` հայ որբուկներէն տարատեսակ հիւանդութիւններով վարակուելու հաւանականութիւնը: Վեր. էսքիճեանը, սակայն, չնահանջեց ու հարիւրաւոր որբերու կեանք փրկեց: Անոր երկրային կեանքն աւարտած է 1916-ին՝ մանուկներէն վարակուած թիֆի պատճառով:

 

 

Հրաւիրատոմսերու եւ այլ մանրամասներու համար գրել anna.ohanyan@amaa.am էլփոսթի հասցէին, կամ զանգել (+374-10) 54-35-76 հեռախոսահամարին կամ այցելել Բաղրամեան 18: