image

Հալէպ. Ընդունելութիւն ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կեդրոնէն ներս

Հալէպ. Ընդունելութիւն ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կեդրոնէն ներս

Կիրակի, 20 մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին առիթով, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է ընդունելութիւն: Հիւրերը ընդունուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի կողմէ:

Ընդունելութեան հրաւիրուած էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, հալէպի հայկական կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչները, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը եւ քահանայից դասը:

Բարի գալուստի իր խօսքէն վերջ, գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան ըսած է. «Այսօր նուիրական օր է մեր հայրենիքի, համասփիւռ հայութեան համար: Մենք հաւաքուել ենք նշելու 100-ամեակը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենանշանակալի եւ բախտորոշ իրադարձութեան, հաւաքուել ենք բոլորս՝ հալէպահայ գաղութի ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները: Հաւաքուել ենք Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան բակում՝ մեր հայրենիքի մէջ, մեր բոլորի տան մէջ»:

Այնուհետեւ ներկայացուած է գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր՝ դասական երաժշտութիւն, մեներգ, ասմունք, հայկական պարերու ներկայացում: 

Ապա տեղի ունեցած է շնորհաւորութիւններու փոխանակում: