image

Մեսրոպեանի 108 աշակերտներ յաջողեցան այս տարուան Delf քննութւններուն

Մեսրոպեանի 108 աշակերտներ յաջողեցան այս տարուան Delf քննութւններուն

Ինչպէս ծանօթ է, 2014-2015 տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրած էր DELF քննութիւններու մասնակցութեան: Սոյն քննութիւններով, աշակերտները կը պատրաստուին Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան:

 

Այս տարեշրջանին Մեսրոպեան վարժարանի 2-րդ, 4-րդ, 6-րդ եւ 8-րդ դասարաններու բոլոր աշակերտները անխտիր, թիւով 108 յաջողեցան DELF ընթացիկ քննութիւններուն, A1, A2 եւ B1 կարգերուն մէջ, որոնց մեծ մասը՝ գերազանց գնահատականներով:

 

Այս առիթով կայացած հաւաքին, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ գնահատեց ուսուցիչներուն ներդրումը:  Պարոն տնօրէնը յայտնեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի ամբողջանայ DELF քննութիւններու մասնակցութեան ծրագիրը, այնպէս, որ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստուին DELF B2-ին: Այդպիսով անոնք կրնան մուտք գործել ֆրանսական եւ ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններ՝ առանց ֆրանսերէնի մուտքի քննութեան:

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի