image

Ուաշինկթընի Թուրքիոյ դեսպանի տուն կանչուիլը չ'ազդեր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ

Ուաշինկթընի Թուրքիոյ դեսպանի տուն կանչուիլը չ'ազդեր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ

ԱՄՆ պետքարտուղարութեան խօսնակ Հիթեր Նոյերթը յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի Թուրքոյ դեսպանի ետկանչը չ'ազդեր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ։


Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ անդրադառնալով դեսպան Սերտար Քըլըքճի՝ Թուրքիա վերադառնալու փաստին, Նոյերթը մասնաւորապէս ըսած է․

«Մենք գիտենք, որ Թուրքիան ետ կանչած է իր դեսպանը եւ կ'ընդունինք, որ Թուրքիան նման իրաւունք ունի։ Սակայն չեմ կարծեր, որ այդ հանգամանքը կրնայ ազդել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ։ Թուրքիան կը շարունակէ ըլլալ ՆԱԹՕ-ի կարեւոր գործընկերը եւ մենք ալ անհամբերութեամբ կը սպասենք Թուրքիոյ կառավարութեան հետ ապագայ երկխօսութիւնները»։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Մանպըճի վերաբերեալ նախնական պայմանագրի ստորագրման վերաբերեալ հարցին՝ խօսնակը նշած է, որ այդ առումով բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին եւ որեւէ վերջնական արդիւնք առայժմ չկայ։

Պետքարտուղարութեան խօսնակը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Կիւլէնական համայնքին (FETÖ) անդամակցութեան մէջ մեղադրանքով կալանաւորուած ամերիկացի քահանայ Անտրէյ Պրունսոնի խնդրին։ Ան նշած է, որ նախագահ Թրամբը, պետքարտուղարութիւնն ու գոնկրէսը ուշադրութեամբ կը հետեւին այս հարցի զարգացումներուն։ «Թուրք պաշտօնեաներու հետ մեր ունեցած իւրաքանչիւր երկխօսութեան ժամանակ քահանայ Պրունսոնի հարցը կը բարձրացուի», -ընդգծած է ան։