image

Իսրայէլի վարչապետի որդի. Թուրքիան պատասխանատուութիւն կը կրէ Հայոց ցեղասպանութեան համար

Իսրայէլի վարչապետի որդի. Թուրքիան պատասխանատուութիւն կը կրէ Հայոց ցեղասպանութեան համար

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի որդին՝ Եահիր Նաթանիահուն, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու լարուածութեան հետեւանքով ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ գրառում կատարած է, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է միջազգային մամուլի մէջ։

 

«Թուրքիա', դուն պատասխանատուութիւն կը կրես Կիպրոսի մէջ իրականացուած անհաւանական վայրագութիւններու եւ այնտեղի մարդոց տառապանքներու համար։ Դուն նաեւ պատասխանատուութիւն կը կրես յոյն, հայ եւ քիւրտ ժողովուրդները ցեղասպանութեան ենթարկելու համար։

 

Թուրքերուն պիտի յիշեցնեմ նաեւ, որ անոնք Միջին Ասիայէն եկած ժողովուրդ են, որոնք ապօրինաբար զաւթած են Փոքր Ասիան եւ Կ. Պոլիսը, որոնք քրիստոնէական էին, մինչեւ թուրքերու գալը։ Եւ ուրեմն զգոյշ եղէք»,- գրած է Իսրայէլի վարչապետի որդին։

 

Վերջինս քանի մը օր առաջ Ինսթակրամի (Instagram) իր էջին վրայ հայհոյած էր Թուրքիոյ: