image

Պէյրութի մէջ մահացած է Ֆաթմա Օսմանը. Ան «միլիառատէր մուրացիկ» էր

Պէյրութի մէջ մահացած է Ֆաթմա Օսմանը. Ան «միլիառատէր մուրացիկ» էր

Լիբանանի «Ազգային լրատուական գործակալութիւն»ը յայտնած է, որ վերջերս ընկերային կայքերու վրայ լայն տարածում գտած մուրացկան կնոջ լուսանկարները կը պատկանին Ֆաթմա Օսմանին, որ օրերս մահացած գտնուած էր գործունէութենէ դադրած ինքնաշարժ ներկայացնող իր բնակարանին մէջ:

Ֆաթիմա, ըստ շրջապատի յայտնած տեղեկութիւններու, անդամալոյծ էր, եւ մուրացկանութեամբ կ'ապահովէր իր օրուան հացը, սակայն դիակը յայտնաբերողներուն համար անակնկալ էր այն փաստը, որ դիակին կողքը 5 միլիոն լիբանանեան լիրա գտնուած է, իսկ լիբանանեան դրամատուներէն մէկուն մօտ ունեցած աւանդի չափը հասած է մէկ միլիառ 700 միլիոն լիբանանեան թղթոսկի:

Աւելի ուշ պարզ դարձած է նաեւ, որ Ֆաթիմայի ծննդավայրը Աքքարի Այն Ալ Զահապ աւանն է, որուն գիւղապետն ու խումբ մը բնակիչներ տեղափոխած են դիակը եւ կազմակերպած վերջինիս թաղումը ծննդավայրին մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ Ֆաթմայի ընտանիքի անդամներն են մայրը, երկու եղբայրներն ու հինգ քոյրերը: