image

«Ոչինչէն նախարարութիւն ստեղծեցիք». Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հրանուշ Յակոբեանին

«Ոչինչէն նախարարութիւն ստեղծեցիք». Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հրանուշ Յակոբեանին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 16 մայիսին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

 

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ըսելով․ «շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տաս տարիներու ձեր տարած աշխատանքին համար եւ փաստօրէն «զրոյից նախարարութիւն ստեղծելու համար»»։

 

Հրանոյշ Յակոբեան, իր հերթին, շնորհաւորեց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւ նշեց, որ իրեն կը յանձնէ արդէն կայացած, մեծ աշխատանք տարած ու բազում յաջող ծրագրեր իրականացուցած նախարարութիւնը։

 

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեանին՝ նախարարութիւնը հիմնելուն համար. «ես պատրաստ եմ ագահաբար ձեր աջակցութենէն օգտուելու»։

 

Ապա Հրանոյշ Յակոբեան առանձին հանդիպումով հրաժեշտ տուաւ իրեն մտերիմ դարձած նախարարութեան աշխատակազմին՝ ըսելով, որ նախարարները անցողիկ են, կարեւորը գործն է եւ այդ ճանապարհին սեփական դէմքը չկորսնցնելու բարդ կարողութիւնը։ Ան յորդորեց շարունակել լաւ աշխատիլ եւ աջակցիլ, որ նախարարութիւնը շարունակէ իր բուռն գործունէութեամբ ծառայել Սփիւռքի խնդիրներու լուծման։