image
Հրատապ լուրեր:

Փայլան հանդիպած է քիւրտ բանտարկուած առաջնորդին

Փայլան  հանդիպած է  քիւրտ  բանտարկուած  առաջնորդին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայագզի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը նախօրէին Էտիրնէի բանտին մէջ հանդիպած է կուսակցութեան նախկին համանախագահ, Թուրքիոյ նախագահի թեկնածու Սելահաթթին Տէմիրթաշի հետ, որ կալանքի տակ է 2016 թուականի նոյեմբերէն։

 

Փայլանը «Թուիթըր»-ի («Twitter») իր պաշտօնական էջին վրայ յայտնած է, թէ Տէմիրթաշի հետ ան անցուցած է քանի մը ժամ եւ իրենք աշխատած են գործնական թեմաներու շուրջ։

«Էտիրնէի բանտին մէջ այցելեցի նախագահի մեր թեկնածու Տէմիրթաշին։ Ժամերով աշխատեցանք։ Ձեր փոխանցած հազարաւոր բարեւները անոր փոխանցեցի, ան ալ ձեզ կը բարեւէ։ Էտիրնէէն վերադարձած եմ դրական տրամադրութեամբ»,- գրած է Փայլանը։

Տէմիրթաշի հետ հանդիպելու համապատասխան թոյլտուութեան համար պատգամաւորը Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւն դիմած էր մէկուկէս տարի առաջ։