Աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրը դուրս գրուած է հիւանդանոցէն: Այդ մասին կը յայտնէ France Info գործակալութիւնը:
ինչպէս «Արեւելք» օրերս հաղորդած էր, Ազնաւուրը հիւանդանոց տեղափոխուած էր Ֆրանսիայի մէջ՝ ձեռքը կոտրելու պատճառով:
Բժիշկները նշած են, որ Ազնաւուրի մօտ ուսոսկրի ճաք կայ, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ազնաւուրը ուսի բեկակալը պէտք է կրէ մինչեւ մայիսի վերջ:
Շարլ Ազնաւուր իր շրջագայութիւնը պիտի վերսկսի 5 յունիսին: