image
Հրատապ լուրեր:

Պանկլատէշցի 6 քաղաքացիներ կալանաւորուած են. ԱԱԾ

Պանկլատէշցի 6 քաղաքացիներ կալանաւորուած են. ԱԱԾ

8 մայիս 2018ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէն  հաղորդագրութիւն տարածուած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանը հատելու ժամանակ ձերբակալուած են Պանկլատէշի 6 քաղաքացիներ, որոնք յանձնուած են  Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան:

 

ՀՀ վարչապետին առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով ձեռք բերուած նախնական տուեալներու համաձայն՝ 8 մայիսի 2018 թուականի` կեսգիշերը անց, Պանկլատէշի Ժողովրդական Հանրապետութեան 6 քաղաքացիներ ՀՀ ՊՆ զօրամասի մարտական դիրքի հարակից հատուածով հատած են հայ-ատրպէյճանական (Նախիջեւան) սահմանը,  որմէ յետոյ բռնուած են հերթապահութիւն իրականացնող ՀՀ ՊՆ զինծառայողներու կողմէ:

 

Նշուած անձինք ցուցմունքներ տալով յայտարարած են, որ աշխատանք գտնելու նպատակով մտադրութիւն ունեցած են Պարսկաստանի տարածքով անցնիլ Թուրքիա, սակայն մոլորուելով  պատահաբար յայտնուած են Հայաստան: