image

Մահացած գտնուած է Դաւիթ Աբէլեանը. Պատճառները կը մնան անյայտ

Մահացած  գտնուած է   Դաւիթ  Աբէլեանը. Պատճառները կը մնան  անյայտ

 33-ամեայ Դաւիթ  Աբէլեանը   մահացած  գտնուած է   իր  բնակարանին մէջ:  Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   հանգուցեալի  հարազատներէն:

   Հարազատները նաեւ  յայտնեցին,     որ    երկու զաւակներու հայր Դաւիթի  մահուան  հանգամանքները       յստակ չեն եւ տեղի  ոստիկանութիւնը   հետաքննական   աշխատանքներ կը ծաւալեն դէպքին  շուրջ:

 

  Դէպքը  պատահած է       ԱՄՆ-ի  Ֆիլատելֆիա  նահանգին մէջ:  

 

  Յիշեցնենք, որ Դաւիթ  որդին է    Քեսապցի  մտաւորական  Վահէ Աբէլեանին: