Հալէպի հայկական համայնքի անդամները ցոյց կազմակերպած են Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ դատապարտած են Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները տարածաշրջանին մէջ: Հաւաքը տեղի ունեցած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի շրջափակէն ներս:
Ցոյցի մասնակիցները պաստառներ բռնած եւ կոչ ըրած են բոյկոտել թրքական ապրանքները: Ցուցարարները նաեւ թրքական ապրանքներ այրած են: