image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան կանգնած է ընկերային ճգնաժամի սեմին. Սեւան Նշանեան

Թուրքիան  կանգնած է ընկերային ճգնաժամի սեմին.  Սեւան Նշանեան

Դանիական Nyheder-TV 2 ալիքը հարցազրոյց կատարած է պոլսահայ յայտնի մտաւորական, լեզուաբան եւ գործարար Սեւան Նշանեանի հետ, որ 3.5 տարի բանտարկութենէ ետք անցեալ տարի փախուստի դիմած էր թրքական բանտէն, ապա ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք ստանալով բնակութիւն հաստատած է Յունաստանի Սամոս կղզիի վրայ:

Նշանեանը թրքական դատարանի կողմէ դատապարտուած էր 17 տարուայ ազատազրկման՝ ապօրինի շինարարութեան եւ հարկերէ խուսափելու համար առաջադրուած մեղադրանքով:

Մտաւորականը Սամոս կղզիի վրայ կը փորձէ նոր կեանք սկսիլ, թէեւ ան Թուրքիոյ մէջ ալ միշտ ազատ զգացած է:
 
«Բանտի մէջ եղած ժամանակ ալ ես ազատ էի, ես խնդիր չունիմ, ազատութիւնը մարդու ուղեղի մէջ է: Իմ երեխաներուս, իմ ընկերներուս գտնուելու վայրը (Թուրքիա) այստեղէն կ'երեւի, դիմացն է: Այնպիսի փոքրիկ հեռաւորութեան վրայ է, որ եթէ պոռամ՝ այնտեղ կը լսուի, սակայն չեմ կրնար երթալ հոն», - պատմած է Նշանեանը:

Ըստ մտաւորականի՝ 2012 թուականէն սկսած Թուրքիոյ իշխանութիւնները հասարակութիւնը կրօնականացնելու նոր, բաւականին վտանգաւոր ուղի բռնած են:

«Ես նկատեցի, որ անոնք կը փորձեն իսլամը պետական կրօնի կարգավիճակի բերել ու արգիլել կամ խոչընդոտել իւրաքանչիւր բան, որ քննադատութեան կ'ենթարկէ այդ»,- ըսած է պոլսահայ մտաւորականը:

2012-ի սեպտեմբերին Նշանեանը նախաձեռնած է կրօնի հարցին մէջ խօսքի եւ միտքի ազատութեան սահմաններու ու Թուրքիոյ մէջ ատելութեան դրսեւորման՝ որպէս յանցանք ճանչնալու սկզբունքներու մասին իր յայտնի յօդուածի հրապարակումը:

«Անկէ ետք իմ դէմ սարսափելի յարձակողական քարոզարշաւ սկսաւ, որ, իմ կարծիքով, ուղղորդուած էր անմիջապէս պետութեան կողմէ»,- յիշած է Նշանեանը՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ Թուրքիոյ մէջ առկայ է շուրջ մէկ դարու ընթացքին մեծ դժուարութիւններով ու մեծ գնով ձեւաւորուած մտաւորական խաւ մը, որ կը շարունակէ գործել նաեւ այսօր:

«Այս մարդիկ ապահով չեն զգար: Մարդիկ վտանգուած կը  համարեն իրենց կեանքը, իրենց գոյութիւնը, իրենց ազատութիւնը, իրենց մշակոյթն ու նիւթական ունեցուածքը», - համոզուած է Նշանեանը, որ իր կարծիքով՝ Թուրքիան այժմ կանգնած է ընկերային ճգնաժամի սեմին: