image

Հոլանտայի իշխանութիւնները սեղմումներ կը կատարեն թուրք գործիչներու դէմ

Հոլանտայի իշխանութիւնները սեղմումներ կը կատարեն  թուրք  գործիչներու  դէմ

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւտեն յայտարարած է, որ իրենք չեն ցանկանար իրենց երկրի մէջ տեսնել թուրք պաշտօնաներ, որոնք կը փորձեն երկրի տարածքին նախընտրական քարոզչութիւն իրականացնել տեղի թուրքական համայնքի շրջանին մէջ, հաղորդած է BBC-ի թուրքական ծառայութիւնը:

Ռիւտեն շեշտած է, որ թուրք պաշտօնեաներու՝  Հոլանտայի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ելոյթներու կազմակերպումը կրնայ վտանգել տեղի հասարակական կարգը, բացի այդ՝ չի ցանկանար, որ  թոյլ տայ իր երկրի քաղաքացի հանդիսացող թուրքերու հանդէպ ճնշման գործադրումը:

«Իրականութիւնը այն է, որ մեզ մօտ կը գործէ խօսքի ու հաւաքներու ազատութեան սկզբունքը, սակայն այն ունի իր սահմանները»,- ըսած է Նիտեռլանտներու վարչապետը:

Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան ժողովրդավարութեան հարցին մէջ լուրջ խնդիրներ ունի, եւ սխալ ուղի բռնած է:

Ռիւտեն նշած է, որ մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու առընչութեամբ:

Ինչպէս նաեւ, Անցնող տարի,  Հոլանտայի  իշխանութիւնները թոյլ չէին տուած թուրք երկու նախարարներուն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին եւ ընկերային-քաղաքականութեան հարցերով նախարար Ֆաթմա Պեթուլ Սայամ Քայային հանդիպելու Ռոթերտամի մէջ ապրող իրենց հայրենակիցներու հետ: