image
Հրատապ լուրեր:

«Ցոյցերը պիտի շարունակուին». Նիկոլ Փաշինեան

«Ցոյցերը   պիտի  շարունակուին». Նիկոլ Փաշինեան

 «Մարիոթ»   հիւրանոցին մէջ     բանակցութիւններու տապալումէն ետք ընդդիմադիր առաջնորդ  Նիկոլ Փաշինեան  միացաւ       «Հանրապետութեան»  հրապարակին  վրայ   գտնուող     բողոքարարներուն:

 

Փաշինեան  լրագրողներուն հետ զրուցելով  յայտարարեց,  որ   իրենք  պիտի շարունակեն  բողոքի  երթերը:

 Ան նաեւ իր   համախոհներուն կոչ  ըրաւ  այսօր   երեկոյեան  ժամը 19:00-ին     ներկայ ըլլալ  ընդդիմութեան հանրահաւաքին: