image
Հրատապ լուրեր:

Մեսրոպեանը յանձնեց «Բանակցող աշակերտներու» երկրորդ հունձքը

Մեսրոպեանը յանձնեց «Բանակցող աշակերտներու»  երկրորդ հունձքը

19 Ապրիլ 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի 14 աշակերտներ ստացան իրենց «Բանակցող Աշակերտ»ի (élève médiateur) վկայականները, աւարտած ըլլալով նոյնանուն դասընթացքը՝ կազմակերպութեամբ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ (USJ) համալսարանին:

 

Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը կայացաւ վարժարանի “Ֆարաճեան” հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ յիշեալ ծրագրի ղեկավար դոկտ. Ժոհաննա Հաուարի Պուրժէյլիի եւ Պէյրութի շրջանի դպրոցներուն մէջ նոյն ծրագրի համադրող օրդ. Թամար Թիւֆէնքճեանի:

 

“Բանակցող Աշակերտներ” ծրագիրը Մեսրոպեանի մէջ կը գործադրուի 2 տարիէ ի վեր. անոր նպատակն է աշակերտները վարժեցնել տագնապներու լուծման՝ յատկապէս իրենց ընկերական շրջանակին մէջ, այդպիսով դառնալու համար ազդու դերակատարներ՝ միջ-անձնային յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ: Ցարդ Մեսրոպեանի 90 աշակերտներ մասնակցած են այս դասընթացքին, որոնցմէ 27-ը, յաջողութեամբ քննութիւնները աւարտելէ ետք, ստացած են համանուն վկայական:

 

Խօսք առնելով հանդիսութեան ընթացքին, դոկտ. Պուրժէյլի բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան յանձնառութիւնը՝ մասնագիտական եղանակով նպաստելու աշակերտներու ընկերային դերակատարութեան զարգացումին եւ դրուատեց աշակերտներու ջանասիրութիւնը՝ դասընթացքներու մասնակցութեան մէջ: Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Սէն Ժոզէֆ համալսարանի համապատասխան կեդրոնին՝ աշակերտներու դաստիարակութիւնը բարձր մակարդակով կատարած ըլլալուն համար եւ վերահասատեց, որ Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ համագործակցիլ համալսարանին հետ՝ ինչպէս աշակերտներու, նոյնպէս եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներու մէջ:

 

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի