
Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի բացման՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բացի արձագանգած է նաեւ Ժընեւի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոս Մեհմեթ Սաիթ Ույանըքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցած յուշարձանի բացման արարողութեան ներկայ եղած էին Ժընեւի քաղաքապետը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, որոնց թրքական աղբիւրը «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) կողմնակիցներ կ՝անուանէ։ Նշեալ կուսակցութիւնը Անգարայի կողմէ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Թուրք հիւպատոսը նշած է, որ այդ յուշարձանը ոչ միայն բացասականօրէն պիտի անդրադառնայ թուրք-զուիցերիական յարաբերութիւններուն վրայ, այլեւ աւելի պիտի վատացնէ Զուիցերիոյ մէջ ապրող թրքական եւ հայկական համայնքներու յարաբերութիւնները։
«Թրեմպլէյ զբօսայգիին մէջ բացուած յուշահամալիրը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ թուրք-զուիցերիական յարաբերութիւններուն վրայ: Ատիկա ոչ բարեացակամ եւ չհաշուարկուած քայլ է»,- ըսած է թուրք հիւպատոսը:
Վերջինս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ներկայացնելով թրքական աւանդական ժխտողականութիւնը, հայերը մեղադրած է, որ «միակողմանի» կը նային պատմութեան։










