image

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայր Գրիգոր եպիսկոպոս Օգոստինոս Գուսանը այցելած է Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդին

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայր Գրիգոր եպիսկոպոս Օգոստինոս Գուսանը այցելած է Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդին

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին այցելած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայր Գրիգոր եպիսկոպոս Օգոստինոս Գուսանը, Առաջնորդ՝ Աղեքսանդրիոյ, Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Ափրիկէի ու ցնոր տնօրինում Առաջնորդ՝ Յորդանանի եւ Երուսաղէմի։ Այս մասին հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ  Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանը:

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը անցած է եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ: Երկու Սրբազան պետերը նախ այցելած են Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, ուր աղօթք մը ըրած են միասին: Ապա, Առաջնորդարանի գրասենեակին մէջ անոնք արծարծած են վերոնշեալ գաղութները, եկեղեցիներն ու ծուխերը յուզող դժուարութիւններն ու դիմագրաւելիք հարցերը յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ կացութեան լոյսին տակ: Երկուստէք մտահոգութիւն յայտնած են Կաթողիկոսութեան ու Պատրիարքութեան Դպրեվանքերու եւ վանքերու ուսանողութեան թիւի նուազման ու նոր կոչեցեալներու կարիքի անհրաժեշտութեան: