image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞վ էր Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի ամենամտերիմ ընկերը. Ան օրերս կնքած է իր մահկանացուն

Ո՞վ  էր Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի ամենամտերիմ ընկերը. Ան օրերս կնքած է իր մահկանացուն

Դամասկոսի մէջ մահացած է Սուրիոյ նախկին Ներքին գործոց նախարար Ալի Մուհամմատ Զազան, որ կը համարուէր երկրի նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի ամենամտերիմ ընկերներէն մին:

 

Չորեքշաբթի 21 մարտին, քրտական արմատներ ունեցող նախարար Զազայի ընտանիքը յայտարարած է, որ ան մահացած է երեքշաբթի երեկոյեան, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:

 

Նախկին նախարարի մահազդին մէջ խորագրուած է, որ ան եղած է «Հին ռազմիկներ»ու ցուցակին մէջ՝ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ   իր ունեցած սերտ    յարաբերութեան  համար:

 

Նշենք, որ Զազան իր Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած էր 1971 –ին, մինչեւ  1976, նախքան այդ, ան  նաեւ ծառայած էր որպէս ռազմական հետախուզութեան բաժնի պետ: