image

Աւստրալիոյ մէջ հանգանակութիւն. Արցախի համար հաւաքուած է 75,000 ԱՄՆ տոլար

Աւստրալիոյ մէջ հանգանակութիւն. Արցախի համար հաւաքուած է 75,000 ԱՄՆ տոլար

Երկուշաբթի, 19 մարտին, «Արմինիա Թի.Վի.»-էն (Armenia TV) Նորա Սեւակեան կը հաղորդէ, թէ դիմատետրով եւ «Արմինիա Ռատիօ»-ի (Armenia Radio, FM 99.3) ուղիղ եթերով, Ազնիւ Ինկիլիզեանի հաղորդավարութեամբ, երեկոյեան ժամը 7-10։30 հեռարձակուեցաւ Արցախի զօրակցական թելեթոնը: Հաղորդավարներուն ընկերակցեցան խումբ մը օգնականներ, իսկ յայտագիրին հարցազրոյցներով մաս կազմեցին համայնքի ղեկավարներ:

Յաջորդաբար, հեռատեսիլով թէ ռատիոյով, հարցազրոյց տուին Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան, Աւստրալիոյ մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան խոր-հրդատու Հանրիէթ Անդրիասեան, «Գոլստըն» Ճեմարանի տնօրէն Էտի Տէմիրճեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:

Նախարար Յարութիւնեան դրուատանքով արտայայտուեցաւ կատարուածին մասին եւ մաղթեց, որ այս մէկը օրինակ ծառայէ այլ համայնքներու:

«Մենք Արցախի մէջ ազգ է որ կը կերտենք եւ ընտրած ենք ժողովրդավարութեան ուղին՝ հասնելու համար խաղաղութեան, որուն արժանի է մեր ժողովուրդը: Գովելի է Աւստրալահայ համայնքը՝ իր կազմակերպուածութեան եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութեան համար»,- ըսաւ նախարարը:

Արցախի «Ապառաժ» թերթի խմբագիրներէն Արմինէ Նարինեան, որ ներկայ էր նախաձեռնութեան, հարցազրոյց ունեցաւ Նորա Սեւակեանի հետ:

«Արցախի մէջ մենք կը զարմանայինք, երբ լսէինք, թէ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ հանգանակութիւններ կը կատարուին Արցախի բարօրութեան համար: Իսկ հիմա երբ աչքովս կը տեսնեմ այս խանդավառութիւնն ու խրախուսիչ մթնոլորտը հպարտ կը զգամ Աւստրալահայ գաղութով»,- ըսաւ Նարինեան:

Հարիւրաւոր Աւստրալահայեր, հայ եւ ոչ հայ գործատէրեր կատարեցին իրենց նուիրատուութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններ՝ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցը, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնները, ՀՅԴ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Մաքուարի համալսարանի ուսանողական մարմինը, Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան վարչութիւնները, Հայ Դատի յանձնախումբը, Միջին Արեւելքէն ներգաղթողներու օժանդակ յանձնախումբը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աւստրալիոյ շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը:

«Կ՛ուզեմ շնորհաւորել սոյն թելեթոնի մասնակից կազմակերպութիւնները, կամաւորները եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերին՝ յաջողցնելու համար այս ծրագիրը: Սիտնիի Հայ մշակութային կեդրոնին եւ Մելպուրնի Հայ կեդրոնին մէջ մեր գաղութի զաւակներու ներկայութիւնն ու ելեկտրոնային միջոցներով թելեթոնին հետեւող հանրութեան թիւը կու գան ցոյց տալու, որ մեր գաղութը գիտակից գաղութ է, գիտէ եւ քաջատեղեակ է իր ազգային առաջնահերթութիւններուն մասին ու պատրաստակամբութիւն յայտնած է կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ Արցախի պաշտպանութեան սուրբ աշխատանքին մէջ»,- ըսաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:

«Արմենիա Միտիա» ընկերակցութիւնը յայտարարեց, որ 22,873 անձեր դիտած են ֆէյսպուքեան այս թելեթոնը, եւ թէ յաջորդող օրերուն կը սպասուի թիւերու յաւելում:

Արցախի մշտական ներկայացուցիչին Քայլար Միաքայէլեանի հովանաւորութեամբ, թելեթոնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Աւստրալիոյ, «Արմենիա Միտիա»ի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի կողմէ: