image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ մահացած է հալէպահայ Ներսէս Յովակիմեանը

Պոլսոյ մէջ մահացած է հալէպահայ Ներսէս Յովակիմեանը

Երէկ՝ 19 մարտին, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է արմատներով ուրֆացի՝ հալէպահայ Ներսէս Յովակիմեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Հանգուցեալ Ներսէս Յովակիմեան շուրջ երկու տարի առաջ, առողջական խնդիրներու պատճառով ստիպուած դուրս եկած էր Հալէպէն եւ իր կնոջն ու մանչ զաւակին հետ անցած էր Պոլիս բուժում ստանալու համար: Երէկ, առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով ան տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր եւ սրտի կաթուածով  մահացած էր: 

 

Հանգուցեալի թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ 21 մարտին, Պոլսոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 2:00-ին: 

Նշենք, որ 1953-ի ծնունդ Ներսէս Յովակիմեան Հալէպի Ռամուսէ շրջանին մէջ վարպետ թիթեղ կոփող (սաճճի) մասնագէտ էր:

Ան ամուսնցած էր, ունի 4 զաւակ՝ 1 մանչ եւ 3 աղջիկ: