image

Մխիթարեան այցելած է վիրաւոր զինուորներուն

Մխիթարեան այցելած է վիրաւոր զինուորներուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ, Լոնտոնի «Արսենալ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան այցելած է Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան, հանդիպած ուսանողներու եւ բժշկական անձնակազմի հետ:

Այս մասին կը հաղորդէ ՀՖՖ-ն: Մարտ 24-ին եւ 27-ին Երեւանի մէջ էսթոնիոյ եւ Լիթվայի ընտրանիներու հետ կայանալիք ընկերական հանդիպումներուն նախապատրաստուելու համար հայրենիք ժամանած Հենրիխ Մխիթարեան այսօր այցելած է Երեւանի Մխիթար Հերացու անուան պետական բժշկական համալսարան, հանդիպած ուսանողներու, բժշկական անձնակազմի հետ: Այցի հիմնական նպատակը վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինծառայողներու հետ հանդիպումն էր:

ԵՊԲՀ տնօրէն Արմէն Մուրադեանի ուղեկցութեամբ Հենրիխ Մխիթարեան ծանօթացած է համալսարանի տարածքին մէջ գործող վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինծառայողներու վերականգնողական կեդրոնին, զրուցած հիւանդներու, ուսանողներու հետ:

Հենրիխ Մխիթարեան 2017 թուականի Հայաստանի 10 լաւագոյն մարզիկներու ցուցակին մէջ ընդգրկուելու համար ստացած ինքնաշարժը նուիրաբերած է վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինծառայողներու վերականգնողական կեդրոնին: