image

Հալէպ. Նշած են «Մայրերու օր»ը

Հալէպ. Նշած են «Մայրերու օր»ը

Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, երէկ՝ 18 մարտին, Մայրերու Տօնի առթիւ հանդիսութիւն կազմակերպած էր: Այս մասին կը տեղեկանանք Միութեան ֆէյսպուքեան էջէն:

Աղբիւրի համաձայն, միջոցառումը իրականացուած էր Սկաուտական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Գ.Յ. Նազարեան» սրահէն ներս:

Հանդիսութեան մասնակցած են Հ.Ե.Ը.ի սկաուտական շարժումի բոլոր տարիքային խումբերը, նաեւ փողերախումբը: