image

27 տարի ետք... Մարսէլ Ղանէմ պիտի լքէ LBCI կայանը

27 տարի  ետք...  Մարսէլ Ղանէմ  պիտի լքէ  LBCI կայանը

Լիբանանի LBCI կայանի եւ Մարսէլ Ղանէմի  կողմէ յայտարարութիւն տարածուած է, ուր կ'ըսուի.« 27 տարուան յաջող համագործակցութենէ ետք լրագրողՄարսէլ Ղանեմ   պիտի լքէ  LBCI   կայանը»:

Կայանի ղեկավար Փիէռ Տահէր՝  Ղանեմին յաջողութիւն մաղթած է իր ասպարէզի նոր ճանապարհին մէջ:  Իր  կարգին Մարսէլ Ղանեմ շնորհակալութիւն յայտնած է LBCI-ին, մասնաւորապէս  Փիէռ Տահէրին՝ «LBCI-ի «դպրոց»ը ղեկավարելու իր ճիգերուն եւ  լրատուական ու մշակութային տաղանդներ պատրաստելուն առընթեր:

Կը նշուի, որ «Քալամ Ալ-Նաս» ծրագիրը պիտի շարունակուի հեռարձակուիլ մինչեւ  մարտ ամսուան աւարտը: