image

Հայաստանի մէջ մինչեւ հիմա շուրջ 40 հազար գանձ կայ. ֆրանսական TV5 Monde

Հայաստանի մէջ մինչեւ հիմա շուրջ 40 հազար գանձ կայ. ֆրանսական TV5 Monde

Հայաստանի մէջ   կան շուրջ 40 հազար մշակույթային գանձեր՝ խաչքարեր, կը պատմէ ֆրանսական TV5 Monde հեռուստակայանը Հայաստանի մէջ խաչքար պատրաստելու արուեստին նուիրուած իր լրագրական տեղեկատուութեան մէջ։

«Խաչքարերը միշտ գտնուած են եկեղեցիներու մօտ, գերեզմանատուներուն, վանքերու պատերուն եւ կամուրջներուն եզրապատերուն մէջ։ Որպէս կանոն՝ անոնք ուղղուած են արեւմուտք։

Խաչքարերը ընդհանրապէս պատրաստած են՝ ի յիշատակ մահացածներու, ռազմական յաղթանակի կամ պատմական իրադարձութեան։ Անոնք յարգանք կ'արտայայտեն խաչի նկատմամբ, որ քրիստոնէական հաւատի ու հայկական ինքնութեան պահպանման խորհրդանիշն է», - կը պատմէ  նիւթի հեղինակը։

Թղթակիցները այցելած են քանի մը եկեղեցիներ եւ Վանաձոր քաղաքի արհեստանոցներէն մէկը։

Քաղաքի արուեստանոցներէն մէկուն մէջ հին մշակոյթը կը վերածնի Սերկէյ Դանիէլեանը՝ տեղի գեղարուեստական ուսումնարանի շրջանաւարտը։ «Ես արդէն հինգ հարիւր խաչքար եմ պատրաստել, եւ ոչ մէկը միւսին նման չէ։ Ես հաւատում եմ, Աստուած ինձ ուժ է տուել ստեղծել հազարը», -ըսած է վարպետը։

1972-ին ան այն քիչերէն եղած է, որոնք Հայաստանի մէջ զբաղուած են խաչքարագործութեամբ։ Այդ տասնամեակներու ընթացքին շատ սաներ դաստիարակած է։ Հիմա ան գոհ է. Հայաստանի մէջ լաւ վարպետները շատ են։

 

Աղբիւրը՝

armeniasputnik.am