image

Գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի նուիրուած մենագրութիւնը՝ անգլերէնով

Գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի նուիրուած մենագրութիւնը՝ անգլերէնով

Ինչպէս պիտի յիշեն մեր ընթերցողները, շուրջ երկու տարի առաջ, հալէպահայ մեր սիրելի աշխատակիցը՝ Լեւոն Շառոյեան, մամուլի մէջ հրատարակած էր ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը լիբանանահայ ողբացեալ գրագէտ ու խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանի մասին, անոր մահուան 30-ամեակին առիթով։
 

Այդ հիւթեղ ուսումնասիրութիւնը յափշտակութեամբ կարդացուած էր գրասէրներու կողմէ, որովհետեւ Սիմոն Սիմոնեան շատ սիրուած ու ծանօթ դէմք մըն էր Սուրիա-Լիբանանի մտաւորական ու հանրային շրջանակներուն մէջ, զանազան վարժարաններէ ներս վարած էր ուսուցչական պաշտօն, խմբագրած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» ամսագիրը, պատրաստած էր Հայոց պատմութեան հրաշալի դասագիրքեր, յետոյ ալ՝ լրիւ 17 տարի ձեռնհասօրէն հրատարակած էր իր սեփական «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, վայելելով լայն ժողովրդականութիւն։

 
Շառոյեանի ուսումնասիրութիւնը, շուտով, առանձին գրքոյկի ձեւով, լոյս ընծայուած էր Երեւան ու տարածում գտած՝ հայրենի գրական շրջանակներու մէջ եւս («Էդիտ պրինտ» հրատարակչութիւն, 68 էջ, 2016)։

 
Այժմ, ամերիկահայ անգլիատառ մամուլէն հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ Շառոյեանի վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը վերջերս թարգմանուեր է նաեւ անգլերէնի ու հրատարակուեր՝ մատչելի դառնալու համար անգլիախօս հայ թէ օտար զանգուածներուն։

 
Թարգմանութիւնը կատարեր է ամերիկաբնակ Վահէ Աբէլեան։ Ձեռնարկը նիւթապէս հովանաւորեր են նոյնինքն Սիմոն Սիմոնեանի զաւակները։
Գիրքը կը կոչուի «Simon Simonian. The Last Scion of the Mountaineers», որ հարազատ թարգմանութիւնն է գործին հայերէն բնագրին («Սիմոն Սիմոնեան՝ լեռնականներու վերջին շառաւիղը»)։

 
Պիտի յիշուի անշուշտ, որ ծաւալով փոքր այս ուսումնասիրութիւնը վարպետօրէն կը վերագծէ Սիմոն Սիմոնեանի պայծառ դէմքը, առանց որ հեղինակը զայն ճանչցած ըլլայ անձնապէս։ Շառոյեան, որ մասնագէտ բանասէրի մը հմտութեամբ գիտէ ճարտարօրէն մշակել իր նիւթը, մեզի ներկայացուցած է Սիմոնեանը՝ մտաւորական մարդու իր բոլոր երեսներով։ Խօսած է անոր կեանքի կարեւորագոյն փուլերուն մասին, անդրադարձած է անոր կրթական մշակի դիմագծութեան, գրագէտի ու արձակագիրի արժանիքներուն, խմբագիրի շնորհին ու նաեւ՝ գրահրատարակիչի հանգամանքին, քանի որ ան ամբողջ քառորդ դար հարիւրաւոր հայերէն գիրքեր հրատարակեր է իր սեփական «Սեւան» հրատարակչատունէն։

 
Սիմոն Սիմոնեան ապրեր է 72 տարի (1914-1986)։ Լեցո՛ւն կեանք մը, բազմաթիւ ու մեծղի իրագործումներով։

 
Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Միրըր-Սփէքթէյթըր» շաբաթաթերթին մէջ (20 Յունուար 2018), ծանօթ լրագրող Արամ Արքուն լայնօրէն անդրադարձած է Սիմոնեանի ձօնուած անգլերէն մենագրութեան։ Ան նկատել տուած է, թէ ասիկա առաջին փորձ մըն է՝ որով Սիմոնեանի վաստակն ու արժէքը կը պատմուի անգլերէնով։