image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի վարժարաններէն մէկուն մէջ թունաւորման դէպք գրանցուած է (Լուսանկարներ)

Հալէպի վարժարաններէն մէկուն մէջ թունաւորման դէպք գրանցուած է (Լուսանկարներ)

Հալէպի մասնաւոր դպրոցներէն մէկուն մէջ աշակերտներ թունաւորում ստացած են: Այս մասին կը տեղեկանանք Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող ֆէյսպուքեան էջէն:

Աղբիւրի համաձայն, դէպքը պատահած է Հալէպի «Շամս Ալ-Ասիլ» մասնաւոր դպրոցէն ներս, սնունդի կէտէն ժամկէտը սպառած սնունդի օգտագործման պատճառով: Տուժած երեխաները հիւանդանոց տեղափոխուած են եւ անոնց վիճակը այժմ կայուն է, ինչպէս հաղորդած են ծնողները:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ տուժած երեխաները ութն են, որոնք բոլորն ալ դպրոցի սնունդի կէտէն օգտուած են այդ օրը եւ ներկայիս դէպքի շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի:

Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ իր հերթին մօտէն կը հետեւի երեխաներու թունաւորման հարցին, ան հետաքննութեան մասնագիտական մարմին կազմած է, որպէսզի մանրամասն եւ շտապ հետազօտութիւններ կատարէ, պարզէ յանցաւոր կողմը եւ պատժամիջոցներ կիռարուի այն անձերու հանդէպ, որոնց անփութութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կ'ապացուցուի միջադէպի վերաբերեալ: