image

Կիպրոսի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը այցելած է Առաջնորդարան

Կիպրոսի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը այցելած է Առաջնորդարան

Կիպրոսի  Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն  վերահասու կը դառնանք, թէ երեքշաբթի, 13 Մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին, նախօրօք ժամադրութեամբ Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան՝ Պրն. Ֆրանզ Ճոզէֆ Քրէմբը, որ դիմաւորուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ:

Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այս առաջին այցելութեան համար: Ան շնորհաւորեց Դեսպանին նոր պաշտօնի ստանձնումը եւ Կիպրահայութեան անունով բարեմաղթութիւններ ըրաւ:

Շուրջ մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Կիպրոսի հարցի լուծման գծով Գերմանիոյ Պետութեան նախաձեռնած քայլերուն, բռնագրաւուած եկեղեցապատկան ու ազգային կալուածներու, եկեղեցիներու, Ս. Մակարայ Վանքին եւ Կիպրահայ գաղութի մասին: Սրբազանը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Կիպրահայ գաղութի հոգեւոր, ազգային, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական կառոյցներու մասին:

Ապա, Սրբազան Հայրն ու Պրն. Դեսպանը միասնաբար այցելեցին Ս. Աստուածածին Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցին, Նարեկ Վարժարան եւ տնօրէնութեան: Պրն. Դեսպանը, իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններէն ետք, հիացմունքով արտայայտուեցաւ Կիպրահայ համայնքի աշխոյժ առաքելութեան եւ գործունէութեանց մասին:

Աւարտին, Սրբազան Հայրը հայութեան անունով անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւններն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Գերմանիոյ Պետութեան, որ 2 Յունիս 2016-ին, ցարդ՝ պաշտօնապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 28 երկիրներէն մին հանդիսացած էր, ինչպէս նաեւ՝ հայութեան եւ յատկապէս Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերած բարոյական ու մարդասիրական ամէն տեսակի օժանդակութեանց համար: